2012-09-01 09:28:03

<<Եկեղեցւոյ յանձնառումը` եւրոպայի մէջ զարգացնելու համար ընկերային միութիւնը>> Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Ընկերային Հարցերու Պատասխանատուներու Վեհաժողով։


Այս դժուար ժամանակաշրջանի ընթացքին համակեցութիւնը դարձած է արօրեայ ընտրանք մը որ կարելի չէ իրագործել եթէ չէ ներշնչուած այն կամքի համոզումէն միասնաբար իրականացնելու կեանքի ծրագիր մը։
Ի՞նչի վրայ կը հիմնուի ընկերային միութիւնը։ որո՞նք են այն տարրերը զոր կը սպառնան անոր։ Իր քրիստոնեայ արմատները անտեսող եւրոպայ մը կրնա՞յ գոյատեւել։ Եւ ի՞նչ է եկեղեցւոյ դերը։ Այս եւ ուրիշ հարցերուն շուրջ է որ յառաջիկայ 3 - 5 սեպտեմեր Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի Ընկերային հարցերու պատասխանատուները պիտի զրուցեն Կիպրոսի Նիկոսիոյ քաղաքի մէջ գումարուած վեհաժողովի ընթացքին։
Հանդիպումին պիտի նախագահէ Իտալիոյ Թրիէսթէ Թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Ճամբաոլօ Գրէփալտին մինչ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 30 պատուիրակներ որոնք պիտի ընդունուին Մարոնի եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Եուսսէֆ Սուէյֆի կողմէ։
Հաւաքի բացումը կը կատարէ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւք դասի նախագահ կարտինալ Անճէլօ Պանիասքոն։ Երեք օր տեւող ժողովներու ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան, ի մէջ այլոց, Տուպլինի Արքեպիսկոպոս Տիարմուիտ Մարթին, փրօֆ. Վինչէնցօ Պուոնոմօ, Անտրէաս Բիդսիլլիտէս եւ Մարիօ Մավրիտէս։
Սեպտեմբեր 5-ին ժողովականները հանդիպումներ պիտի ունենան երկրի քաղաքական եւ հասարակաց իշխանութիւններուն հետ ու պիտի այցելեն կղզիի քրիստոսնեայ զանազան վայրեր։ Նշենք որ այս հանդիպումը կազմակերպուած է Կիպրոսի Եւրոմիութեան Վեցամսեայ նախագահութեան գործունէութիւններու ծիրեն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.